Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Subway» Արագ Սնունդի Միջազգային Ցանցը Կը Դիտարկէ Հայաստանի Մէջ 60-է Աւելի Մասնաճիւղ Բանալու Հնարաւորութիւնը

«Subway» Արագ Սնունդի Միջազգային Ցանցը Կը Դիտարկէ Հայաստանի Մէջ 60-է Աւելի Մասնաճիւղ Բանալու Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ընդունած է «Subway» միջազգային մակնիշի տարածաշրջանային գլխաւոր տնօրէն Էֆէ Չելիքը եւ հայ ներդրող Լեւոն Հայրապետեանը։

Քննարկուած են «Subway» միջազգային արագ սնունդի ցանցի՝ Հայաստան մուտք գործելու եւ 60-է աւելի մասնաճիւղերու բացման հնարաւորութիւնները։ Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ներդրումը պիտի կազմէ մօտ 150.000-էն 300.000 տոլար։

Ընկերութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ ծրագրի իրականացումը կրնայ նպաստել նոր աշխատատեղերու ստեղծման, միջազգային ֆրանչայզինկի մշակոյթի զարգացման, տեղական մատակարարներու ներգրաւման, ինչպէս նաեւ հանրային սնունդի ոլորտին մէջ միջազգային չափանիշերու ներդրման։

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ նախարարի տեղակալ Լիլիա Սիրականեանն ու Ներդրումներու աջակցման կեդրոն հիմնադրամի տնօրէն Գոհար Ապաճեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment