Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանէն Հայաստան քարիւղի եւ նաւթամթերքի մատակարարումները կարեւոր ներդրում են Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութեան մէջ։
Ըստ APA-ի՝ Ատրպէյճանի նախագահը այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ Պերլինի մէջ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանի տարածքով այլ երկիրներէ Հայաստան բեռներու տարանցիկ փոխադրումները նոյնպէս լայն ծաւալներու հասած են։
«Մենք պատմական ժամանակահատուած կ’ապրինք։ Ատրպէյճանը Հայաստանին խաղաղութիւն առաջարկած է եւ ստացած է դրական պատասխան։ Մենք բարձր կը գնահատենք այս ուղղութեամբ Գերմանիոյ կառավարութեան դերը»,- ըսած է Ալիեւ։
Հայաստանը Ատրպէյճանէն սկսած է նաւթամթերք ներմուծել 2025 թուականի Դեկտեմբերէն։ Ատրպէյճանական կողմի հաղորդած տուեալներով՝ այս ընթացքին Ատրպէյճանէն Հայաստան ներմուծուած է աւելի քան 14 հազար թոն տիզելային վառելանիւթ եւ մօտ 5000 թոն «AI-92» եւ «AI-95» պենզին։

