«Հայաստանի Էլեկտրական Ցանցեր» ընկերութիւնը ընթացիկ տարուայ առաջին կիսամեակի ընթացքին ՀՀ պետական պիւտճէ վճարած է շուրջ 12,6 միլիառ դրամի հարկեր եւ տուրքեր։
Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է ՀԷՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեան՝ ընդգծելով, որ ատիկա նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանին (2025թ. 1-ին կիսամեակ) կատարուած վճարումներէն աւելի է շուրջ 62%-ով։
«ՀԷՑ-ն այլեւս ծառայում է մեր ժողովրդին»,- գրած է Պետրոսեան։

