Գլխաւոր դատախազութիւնը Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին միջնորդութիւն ներկայացուցած է՝ համաձայնութիւն տալու «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքէն ընտրուած պատգամաւոր Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն։
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։
«Նարեկ Կարապետեանի մասով Դատախազութիւնից ստացել ենք միջնորդութիւն, որ քրէական հետապնդում լինի»,- ըսած է Յովակիմեան։
Ան պարզաբանած է, որ Կարապետեանը գրանցուած է որպէս ընտրուած պատգամաւոր, սակայն պատգամաւորական լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ նորընտիր Ազգային Ժողովի առաջին նստաշրջանի բացման պահէն։ Մինչ այդ, ըստ Յովակիմեանի, Դատախազութեան միջնորդութեան քննարկումը ԿԸՅ-ի իրաւասութեան շրջանակին մէջ է։
Ընտրական օրէնսգիրքի 90-րդ յօդուածի 5-րդ մասին համաձայն՝ մինչեւ պատգամաւորական լիազօրութիւններու ստանձնումը ընտրուած պատգամաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում կրնայ յարուցուիլ միայն ԿԸՅ-ի համաձայնութեամբ։ Համապատասխան որոշումը կ’ընդունուի յանձնաժողովի անդամներու ընդհանուր թիւի ձայներուն առնուազն երկու երրորդով։
«Արմէնփրես»-ը փորձեց պարզել, թէ քրէական ի՞նչ վարոյթի շրջանակներուն մէջ Դատախազութիւնը կը նախատեսէ քրէական հետապնդում յարուցել Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ, սակայն Դատախազութենէն նշած են, որ, ելլելով նախաքննութեան շահերէն, չեն կրնար մեկնաբանել։

