Հակափտածութեան դատարանը 2026 թուականի Յուլիս 3-ին մասնակի բաւարարած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման հայցը ընդդէմ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Ազատի Սարգսեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձերու:
Դատական արարքը օրինական ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան ենթակայ է բռնագանձման՝
Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Տէրեան փողոցին վրայ գտնուող բնակարանի 38%-ը, երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Տէրեան փողոցին վայ գտնուող մէկ կայանատեղին՝ ամբողջութեամբ, Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Տէրեան փողոցին վրայ գտնուող մէկ կայանատեղիի 38%-ը, դրամատան մէջ ներդրուած ընդհանուր՝ 202 միլիոն 998 հազար դրամ աւանդները, այդ աւանդներէն կուտակուած ընդհանուր՝ 74 միլիոն 716 հազար դրամ տոկոսագումարները, ինչպէս նաեւ մինչեւ վճիռի փաստացի կատարման օրը աւանդներու եւ աւանդներէն կուտակուած տոկոսներու նկատմամբ հաշուարկուած տոկոսագումարները: 352 միլիոն 438 հազար դրամ:

