Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Ու ԵՄ Դեսպանները Քննարկած Են Գործընկերութեան Հետագայ Խորացման Ուղղուած Քայլերը

Փաշինեանն Ու ԵՄ Դեսպանները Քննարկած Են Գործընկերութեան Հետագայ Խորացման Ուղղուած Քայլերը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանները։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ–ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։

Դեսպան Մարակոս շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 2026-ի Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համապետական խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն առիթով։ Ընդգծուած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ ի նպաստ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման, կայունութեան եւ զարգացման։

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններուն՝ ընտրութիւններուն առիթով հնչեցուած գնահատականներուն եւ շնորհաւորանքներուն համար։ Վարչապետը ընդգծած է Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ բարեփոխումներու օրակարգի յառաջմղման Եւրոպական Միութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։ Միտքեր փոխանակուած են բարեփոխումներու օրակարգին, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթային դիմակայունութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ։

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Եւրըմիութիւն գործընկերութեան հետագայ խորացման ուղղուած քայլերուն։ Կարեւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շարունակականութիւնը եւ փոխգործակցութեան ընդլայնումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ։

***

Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայեն Յուլիս 2-ին աշխատանքային այցով պիտի ժամանէ Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment