Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրակաշառքի Դէպքերը Կրած Են Համատարած Եւ Համակարգային Բնոյթ. ՀԿԿ Նախագահի Տեղակալ

Ընտրակաշառքի Դէպքերը Կրած Են Համատարած Եւ Համակարգային Բնոյթ. ՀԿԿ Նախագահի Տեղակալ

by MassisPost

Հակափտածութեան Կոմիտէի (ՀԿԿ) նախագահի տեղակալ Արմէն Ասատրեանը, Յուլիս 1-ին, Սահմանադրական դատարանին մէջ ընթացող եզրափակիչ ելոյթներուն ժամանակ հակադարձեց ընդդիմադիր ուժերու պնդումներուն, թէ կոմիտէին հրապարակած ձայնագրութիւնները եղած են մոնթաժուած եւ ուղղորդուած։

Յուլիս 1-ին Սահմանադրական դատարանը շարունակած է Յունիս 7-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման վերաբերեալ կողմերուն եզրափակիչ ելոյթներուն լսումը։

Ըստ ՀԿԿ նախագահի տեղակալ Արմէն Ասատրեանի՝ տեխնիկական մշակումը իրականացուած է բացառապէս անձնական եւ կենցաղային խօսակցութիւնները առանձնացնելու եւ գործի համար իրաւական նշանակութիւն ունեցող հատուածները ներկայացնելու համար։ Ան շեշտեց, որ դիմող կողմերը չեն ներկայացուցած որեւէ փաստական տուեալ, որ կը հաստատէր պատճառահետեւանքային կապ կոմիտէի գործողութիւններուն եւ ընտրողներու վարքագիծին միջեւ։

«Դիմումների կողմից չներկայացուեց գէթ մէկ փաստական տուեալ, որը կը հաստատէր պատճառահետեւանքային կապ Հակափտածութեան Կոմիտէի գործողութիւնների եւ ընտրական վարքագծի կամ ընտրութիւնների արդիւնքների միջեւ»,- ըսաւ պաշտօնեան։

Կոմիտէի ներկայացուցիչը յատուկ շեշտադրեց իրականացուած քրէական վարոյթներու արդիւնքով պարզուած իրողութիւնները՝ նշելով, որ ընտրակաշառքի կառուցուածքները տարածուած եղած են հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ եւ Երեւանի վարչական շրջաններու մեծ մասին մէջ։ Անոր պնդմամբ՝ սա ոչ թէ քաղաքական գնահատական է, այլ իրաւական հետեւութիւն։

«Հակափտածութեան Կոմիտէում իրականացուող քրէական վարոյթներով պարզուած փաստական տուեալների համակցուած վերլուծութեան հիման վրայ կարող ենք փաստել, որ ընտրակաշառքի դէպքերը կրել են համատարած բնոյթ»,- ըսաւ ան։

Ամփոփելով իր խօսքը՝ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ կոմիտէի թիրախային միջամտութեան շնորհիւ միայն հնարաւոր եղած է կանխել յանցաւոր կառուցուածքներու հետագայ զարգացումը եւ սահմանափակել անոնց ազդեցութիւնը ընտրական գործընթացին վրայ։ Ան դատարանին կոչ ըրաւ հիմնուելու ոչ թէ ենթադրութիւններու, այլ հաստատուած փաստերու վրայ, քանի որ սահմանադրական արդարադատութիւնը կը պահանջէ իրաւական հիմնաւորումներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment