Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Իսրայէլի ԱԳ Նախարարը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագիծ Պիտի Ներկայացնէ Կառավարութեան

Իսրայէլի ԱԳ Նախարարը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագիծ Պիտի Ներկայացնէ Կառավարութեան

by MassisPost

Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտէոն Սաարը երկրի կառավարութեան յառաջիկայ նիստի հաստատման պիտի ներկայացնէ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծ։

«Օսմանեան կայսրութեան վերջնափուլին հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւն է։ Անոր զուգահեռ՝ անհրաժեշտ է դատապարտել պատմական ճշմարտութեան որեւէ ժխտում, նուազեցում կամ խեղաթիւրում»,- X-ի մէջ նշած է Սաար։

Ըստ արտաքին գործերու նախարարին՝ կառավարութեան հաւանութեան արժանանալէ յետոյ բանաձեւին նախագիծը պիտի ներկայացուի երկրի խորհրդարանի՝ Քնեսէթի քուէարկութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment