Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկաթուղիի Հարցով Եթէ Անհամաձայնութիւն Կայ, Կ’երթանք Իրաւարար Դատարան․ Փաշինեան

Երկաթուղիի Հարցով Եթէ Անհամաձայնութիւն Կայ, Կ’երթանք Իրաւարար Դատարան․ Փաշինեան

by MassisPost

«երկաթուղու հարցն ուզում ենք բարեկամական ձեւով լուծել, բայց կարող է հարց ծագել, որ մենք տէ իւրէ որոշումներ կայացնենք։ Եթէ անհամաձայնութիւն կայ, կը գնանք Իրաւարար դատարան, կը քննարկենք»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 30-ին կառավարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ժամանակ։

Փաշինեան յայտնած է, որ Յուլիս 27-ին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկաթուղիի հարցը չեն քննարկած, բայց այդ հարցով հայկական կողմին դիրքորոշումը կը շարունակէ մնալ նոյնը։

2008-ին ռուսական պետական «Ռոսիյսկիէ ժելեզնիէ դորոգի» (ՌԺԴ) ընկերութեան հետ կնքած պայմանագրով Հայաստանի կառավարութիւնը իր երկաթուղային ցանցը 30 տարիով յանձնած է ՌԺԴ-ի հաւատարմագրային կառավարման՝ եւս 10 տարի երկարաձգման իրաւունքով:

Փետրուարին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պատկերացումը ներկայացուցած էր երկաթգիծի կառավարման մասին, ըստ որուն՝ կրնայ Հայաստանի ու Ռուսաստանի հետ բարեկամ որեւէ երկիր գնէ ՌԴ-էն կառավարման իրաւունքը։

Յունուարին Փաշինեանը դիմելով Ռուսաստանին՝ խնդրած էր հրատապութեան կարգով որոշում կայացնել Հայաստանի երկաթուղային ենթակառուցուածքներու կարեւոր հատուածներու վերականգնման հարցով։

Հայաստանը կ’ակընկալէ, որ օր առաջ վերականգնուին ռուսական պայմանագրի ներքոյ գտնուող Ախուրիկի հատուածին մէջ Հայաստան-Թուրքիա սահմանէն մինչեւ գործող երկաթուղային հատուածը, Հայաստան-Նախիջեւան սահմանէն մինչեւ Երասխ հատուածը, Տաւուշի հատուածին մէջ՝ մինչեւ Իջեւան երկաթուղային կայարանը ներառեալ։

Դեկտեմբերին Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստանը պատրաստ է սեփական միջոցներով վերականգնելու երկաթուղային ենթակառուցուածքներու կարեւոր հատուածները, եթէ ռուսական կողմը պատշաճ ժամկէտերու մէջ չիրականացնէ այդ աշխատանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment