Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Իրանի արտաքին գործերու նախարարի տնտեսական դիւանագիտութեան հարցերով տեղակալ Համիտ Ղանպարին Յուլիս 30-ին Երեւանի մէջ քննարկած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական բնոյթ կրող յարաբերութիւնները:
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական բնոյթ կրող յարաբերութիւններուն մէջ յատկապէս ենթակառուցուածքային, այդ շարքին՝ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներու ծրագրերուն: Ընդգծուած է փոխկապակցուածութեան նոր նախագիծերու իրականացմամբ ընձեռուող հնարաւորութիւններու կարեւորութիւնը»:
Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային զարգացումներուն: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանը ուշադրութեամբ կը հետեւի ստեղծուած իրավիճակին՝ կարեւորելով խաղաղութեան հաստատումն ու առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:
Նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի հետ քննարկման անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Իրան օրակարգային հարցերու եւ ընթացիկ աշխատանքներուն:
Միտքեր փոխանակուած են հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

