ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Նիկոլ Փաշինեան նշանակուած է ՀՀ Վարչապետ «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշանակել վարչապետ»,- կ՚ըսուի հրամանագրին մէջ։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի կանուխ տեսանիւթ մը հրապարակած էր՝ յայտնելով, որ Սահմանադրութեան 158-րդ յօդուածին համաձայն՝ նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի օրը Կառավարութիւնը հրաժարական կը ներկայացնէ։
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրամանագիր ստորագրած է՝ ընդունելով Կառավարութեան հրաժարականը։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որպէս Ազգային ժողովին մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմած քաղաքական ուժ, առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածով, Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած էր վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրելու վերաբերեալ անհրաժեշտ փաստաթուղթերու փաթեթը՝ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած վարչապետի նշանակման գործընթացը ապահովելու նպատակով։
Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն արդիւնքներով կազմաւորուած 9-րդ գումարման Ազգային ժողովն այսօր սկսաւ իր աշխատանքները։
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին համաձայն՝ խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններու պարագային նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նախորդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտման օրը՝ ժամը 10։00-ին։
Նոր խորհրդարանի առաջին նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերն են՝ հաշուիչ յանձնախումբի ստեղծում, ԱԺ նախագահի ընտրութիւն, ԱԺ նախագահի երեք տեղակալներու ընտրութիւններ, մշտական յանձնաժողովներու ստեղծում, Էթիկայի յանձնաժողովի ստեղծում, մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւններ, Կառավարութեան առաջարկութեամբ՝ Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծի քննարկում, Կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն տալու հարցը։
Մինչեւ խորհրդարանի խօսնակի ընտրութիւնը նիստը կը վարէ ամենատարեց պատգամաւոր Կնյազ Հասանովը, որ նստաշրջանը յայտարարեց բացուած։ Նիստին ներկայ էին բոլոր երեք խմբակցութիւնները եւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։
Հնչեց Հայաստանի օրհներգը, ապա ելոյթ ունեցաւ երկրի նախագահը։
«Հանրութեան սպասելիքն է, որ Ազգային ժողովը այն վայրն է, ուր տարբեր քաղաքական հայեացքները ոչ թէ կը խորացնեն բաժանարար գիծերը, այլ կը մրցին պետութեան համար առաւել օգտակար լուծումներ առաջարկելու հարցով։ Մեզի անհրաժեշտ է քաղաքական մշակոյթ մը, ուր անհամաձայնութիւնը չի վերածուիր անհանդուրժողականութեան, իսկ սկզբունքայնութիւնը երբեք չի բացառեր փոխադարձ յարգանքը», մասնաւորապէս յայտարարեց Խաչատուրեանը։
«Առողջ ժողովրդավարութեան մէջ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը տարբեր ճանապարհներով կը ծառայեն նոյն նպատակին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջդիմութեան», նշեց նախագահը՝ ընդգծելով. «Մեր երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կը պահանջեն պետական շահի բարձր գիտակցում, հեռատեսութիւն եւ համագործակցելու կարողութիւն»։
Թէեւ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով սահմանուած է նաեւ, որ առաջին նստաշրջանի բացման առթիւ ողջոյնի ելոյթի իրաւունք ունին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու հանրապետութեան նախագահը, Գարեգին Երկրորդը նիստին ներկայ չէ՝ անոր հրաւէր չէ ուղարկուած։ Սա անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին նման դէպքն է։
ԱԺ նախագահի երեք տեղակալներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ մշտական յանձնաժողովներէն չորսին նախագահներու պաշտօնները օրէնքով յատկացուած են ընդդիմութեան։
Նոր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 105 մանդատներէն 64-ը։ Մեծութեամբ երկրորդը Ռուսաստան բնակող միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքն է, որ ստացած է 29 մանդատ։ Ազգային ժողովին մէջ 12 հոգինոց խմբակցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը։ Ընդդիմադիր երկու առաջնորդները, այդուհանդերձ, խորհրդարանին մէջ պիտի չըլլան՝ Կարապետեանին արգելք կը հանդիսանայ օրէնսդրութիւնը, իսկ Քոչարեան ինքն է հրաժարած մանտատէն։
«Քաղաքացիական պայմանագիր»ի վարչութիւնը խմբակցութեան ղեկավար ընտրած է Արուսեակ Մանաւազեանը, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդի Նարեկ Կարապետեանը, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ Աննա Գրիգորեանը։
Հաշուիչ յանձնախումբի կազմութենէն ետք, Ազգային ժողովը անցաւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան հարցին։
Առաջադրուեցաւ միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը, որ նախորդ խորհրդարանին մէջ ԱԺ փոխնախագահն էր։
Իրենց թեկնածուն ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արուսեակ Մանաւազեան։ Ռուբինեանի թեկնածութեան վերաբերեալ որեւէ պատգամաւոր Մանաւազեանին հարց չուղղեց։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Ռուբէն Ռուբինեան։
ԱԺ նախագահի թեկնածուն առաջարկով դիմեց ընդդիմութեան՝ կոտրելու ձեւաւորուած համազգային համաձայնութիւնը, թէ այս խորհրդարանը աւելի վատը պիտի ըլլայ, քան նախորդը՝ վէճերու եւ վիրաւորանքներու վայր։
Ռուբինեան ըսաւ, որ այդ պատճառները խորն են, որովհետեւ ընդդիմութիւնը չէ ընդունած Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքները, ինչը աւելի խորացած է 2021-ին։
Այս նորընտիր խորհրդարանին մէջ կայ պատգամաւոր մը, որ յեղափոխութիւնը թուրք-ատրպէյճանական կ՚անուանէ, այսինքն՝ չի ընդունիր զայն, նշեց ԱԺ նախագահի թեկնածուն՝ նկատի ունենալով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութենէն Էտկար Ղազարեանը։
Իշխանութիւնն ալ, տեսնելով, որ ընդդիմութիւնը չի ընդունիր ժողովուրդին ընտրութիւնը, ընդդիմութեան վերաբերած է որպէս հակապետական ուժի, ընդգծեց Ռուբինեան։






