Գործարար Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Երեւանի «Արարատ» քոնեակի-գինիի-օղիի գործարան»-ը յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ու պահպանման, յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։
«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարոյթի շրջանակում, Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութեան հիման վրայ, «Երեւանի «Արարատ» քոնեակի-գինու-օղու գործարան» ընկերութեան բաժնետոմսերը Հակափտածութեան դատարանի որոշմամբ յանձնուել է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարմանն ու պահպանմանը»,- ըսուած է Դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ:
2023-ի Հոկտեմբեր 9-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը հայցադիմում ներկայացուցած էր Հակափտածութեան դատարան՝ ընդդէմ Գագիկ Կոլյայի Ծառուկեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձերու՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջի մասին:
Հայցադիմումով, որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյք, ի թիւս այլնի, կը պահանջուէր յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող՝ «Երեւանի «Արարատ» քոնեակի-գինիի-օղիի գործարան» ընկերութեան բաժնետոմսերը:
«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործի շրջանակում, 2026 թուականի Յուլիսի 29-ին Գլխաւոր դատախազութեան կողմից Հակափտածութեան դատարան է ներկայացուել հայցի ապահովման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն՝ «Երեւանի «Արարատ» քոնեակի-գինու-օղու կոմբինատ» ընկերութեան բաժնետոմսերի կառավարումն ու պահպանումը Հայաստանի Հանրապետութեանը յանձնելու վերաբերեալ:
«Դատարանի՝ 2026-ի Յուլիսի 30-ի որոշմամբ, ներկայացուած միջնորդութիւնը բաւարարուել է. «Երեւանի «Արարատ» քոնեակի-գինու-օղու գործարան» ընկերութեան բաժնետոմսերի կառավարումն ու պահպանումը յանձնուել է Հայաստանի Հանրապետութեանը՝ ի դէմս Տնտեսութեան նախարարութեան»,- յայտնած են Դատախազութենէն:
Բացի անկէ, Գլխաւոր դատախազութիւնը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման հայցադիմումով կը պահանջէ Գագիկ Կոլյայի Ծառուկեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ բռնագանձել՝
75 անշարժ գոյք, որ ի թիւս այլնի կը ներառէ 52 բնակարան Նոր Նորք թաղամասին մէջ, 5 բնակարան Աբովեան փողոցին մէջ, 11 բնակարան Կոտայքի մարզին մէջ եւ այլ անշարժ գոյքեր:
10 գոյքի շուկայական արժէք:
42 փոխադրամիջոց:
38 ընկերութեան մէջ մասնակցութիւն, որոնց շարքին են «Մուլտի Գրուպ», «Մուլտի Ավտոտրանս», «Օնիրա քլաբ» եւ այլ ընկերութիւններ:
Հայցուող դրամական պահանջը կը կազմէ 105 միլիառ 865 միլիոն 865 հազար դրամ:
Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործի շրջանակին մէջ, Յուլիս 13-ին Գլխաւոր դատախազութեան կողմէ Հակափտածութեան դատարան ներկայացուած էր հայցի ապահովման միջոց կիրառելու վերաբերեալ մէկ այլ միջնորդութիւն՝ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան բաժնետոմսերու կառավարումն ու պահպանումը Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնելու վերաբերեալ: Դատարանի՝ Յուլիս 15-ի որոշմամբ, ներկայացուած միջնորդութիւնը բաւարարուած էր. «Արարատցեմենտ» ընկերութեան բաժնետոմսերու կառավարումը ու պահպանումը յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան:

