Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Կը Սահմանափակէ Հայաստանէն Կաթնամթերքի Ներմուծումը

Ռուսաստանը Կը Սահմանափակէ Հայաստանէն Կաթնամթերքի Ներմուծումը

by MassisPost

Ռուսաստանը սահմանափակած է Հայաստանէն կաթնամթերքի ներմուծումը իր շուկայ՝ որպէս պաշտօնական հիմնաւորում ներկայացնելով «վտանգաւոր վարակներու թափանցումն» ու «անվտանգութեան պահանջներուն չհամապատասխանող ապրանքներու տարածումը» կանխելու անհրաժեշտութիւնը։

Կաթնամթերքի շուրջ ստեղծուած այս իրավիճակը ռուսական շուկային մէջ հայկական արտադրանքի նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումներու եզակի դրուագ չէ։ Աւելի վաղ, վերահսկողական մարմիններու թիրախին յայտնուած էին հայկական գիւղամթերքն ու ծաղիկների արտահանումը, որոշ ալքոհոլային խմիչքներ, ինչպէս նաեւ «Ջերմուկ» հանքային ջուրը։ Անոնց մուտքը ՌԴ նոյնպէս արգելափակուած կամ խստացուած էր՝ դարձեալ առողջապահական եւ որակի անվտանգութեան պաշտօնական փաստարկներով։

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ քաղաքական տարաձայնութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստանի կիրառած այս սահմանափակումները կը թիրախաւորեն հայկական տնտեսութեան աւելի խոցելի եւ ռուսական շուկայէն բարձր կախուածութիւն ունեցող ճիւղերը։

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ 2025-ին Հայաստանի կաթնամթերքի համաշխարհային արտահանումը կազմած է 19,8 միլիոն տոլար։ Այդ ծաւալէն աւելի քան 17 միլիոն տոլարի արտադրանքը իրացուած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքին՝ ճնշող մեծամասնութեամբ Ռուսաստանի մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ ռուսական շուկան կ’ապահովէ ոլորտի ընդհանուր արտահանման առիւծի բաժինը՝ աւելի քան 86%-ը։

Յատկանշական է, որ մինչ ռուսական նոր արգելքի կիրառումը ոլորտին մէջ արդէն իսկ արձանագրուած էր արտահանման ծաւալներու կտրուկ նուազում։ Եթէ 2024-ին դէպի ԵԱՏՄ արտահանուած էր աւելի քան 23 միլիոն տոլարի կաթնամթերք, ապա 2025-ին այդ ցուցանիշը կրճատուած է 26,1%ով (աւելի քան 6 միլիոն տոլարով)։

Այս նահանջին գլխաւոր պատճառը կարագի մատակարարումներու կտրուկ նուազումն էր. 2024-ի 11,2 միլիոն տոլարի (շուրջ 1,6 հազար թոն) դիմաց 2025-ին արտահանուած էր ընդամէնը 2,29 միլիոն տոլարի արտադրանք՝ արձանագրելով շուրջ 80% անկում:

Անկման այս միտումը ոչ միայն չէ կանգնած, այլեւ շարունակուած է 2026-ի առաջին եռամսեակին, կը վկայեն Մաքսային ծառայութեան նոր տուեալները:

Եթէ 2025-ի Յունուար-Մարտ ամիսներուն Հայաստանը ԵԱՏՄ շուկայ արտահանած էր շուրջ 4,1 միլիոն տոլարի կաթնամթերք, ապա 2026-ի նոյն ժամանակահատուածին այդ ցուցանիշը նուազած է եւս 25,2%-ով՝ հասնելով 3,07 միլիոն տոլարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment