Երկու հասարակութիւններն ալ արդէն կը զգան խաղաղութեան իրական օգուտները տնտեսական, առեւտրային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Խաղաղութեան եւ հաշտեցման համար Գերնիկայի մրցանակ ստանալու առթիւ ուղերձին մէջ յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Այսօր Ատրպէյճանը երրորդ երկիրներէն իր տարածքով կ’ապահովոէ սեփական նաւթամթերքի, ինչպէս նաեւ ցորենի եւ այլ ապրանքներու արտահանումը Հայաստան», – նշած է ան:
Ալիեւի վստահեցմամբ՝ իրենք միջոցներ կը ձեռնարկեն խաղաղութեան ամրապնդման եւ զայն գործնականին մէչ կեանքի կոչելու համար:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի օրինակը կը վկայէ այն մասին, որ չնայած ձգձգուած հակամարտութեան, տառապանքներուն եւ փոխադարձ անվստահութեան, խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ուժեղ քաղաքական կամքի եւ միջազգային աջակցութեան առկայութեան պարագային»,- շեշտած է Ալիեւ:

