Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած Է Սամուէլ Կարապետեանի Խմբակից Արթուր Աւանեսեանը

Ձերբակալուած Է Սամուէլ Կարապետեանի Խմբակից Արթուր Աւանեսեանը

by MassisPost

Հակափտածութեան կոմիտէն ձերբակալած է Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անվտանգութեան հարցերով ղեկավար, արցախեան պատերազմներու մասնակից Արթուր Աւանեսեանը, որ յայտնի է Կանդազ ածականով: Իրաւապահ կառոյցը այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:

Տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստանի» նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանը, սակայն ան եւս որեւէ կերպ չէ մանրամասնած, թէ ինչ կասկածանքով ձերբակալուած է իր խմբակիցը:

Այսօր աւելի վաղ իրաւապահները յայտնած էին «Ուժեղ Հայաստանին» առնչուող եւս մէկ քրէական գործի մասին: Չորս անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի հաւաքին մասնակցելու նպատակով խումբ մը անձեր նիւթապէս շահագրգռելու համար: Չորս անձերէն մէկուն նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանքը եւ բացակայելու արգելքը, միւս երկուքին նկատմամբ՝ վարչական հսկողութիւնը եւ բացակայելու արգելքը, իսկ
անչափահասին նկատմամբ՝ դաստիարակչական հսկողութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment