Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երկու Հասարակութիւններն Ալ Արդէն Կը Զգան Խաղաղութեան Իրական Օգուտները. Ալիեւ

Երկու Հասարակութիւններն Ալ Արդէն Կը Զգան Խաղաղութեան Իրական Օգուտները. Ալիեւ

by MassisPost

Երկու հասարակութիւններն ալ արդէն կը զգան խաղաղութեան իրական օգուտները տնտեսական, առեւտրային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Խաղաղութեան եւ հաշտեցման համար Գերնիկայի մրցանակ ստանալու առթիւ ուղերձին մէջ յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Այսօր Ատրպէյճանը երրորդ երկիրներէն իր տարածքով կ’ապահովոէ սեփական նաւթամթերքի, ինչպէս նաեւ ցորենի եւ այլ ապրանքներու արտահանումը Հայաստան», – նշած է ան:

Ալիեւի վստահեցմամբ՝ իրենք միջոցներ կը ձեռնարկեն խաղաղութեան ամրապնդման եւ զայն գործնականին մէչ կեանքի կոչելու համար:

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի օրինակը կը վկայէ այն մասին, որ չնայած ձգձգուած հակամարտութեան, տառապանքներուն եւ փոխադարձ անվստահութեան, խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ուժեղ քաղաքական կամքի եւ միջազգային աջակցութեան առկայութեան պարագային»,- շեշտած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment