Հայաստանի 1000 խոշոր հարկ վճարողները 2026-ի առաջին եռամսեակին պետական պիւտճէ մուտքագրած են աւելի քան 459,2 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արձանագրելով հարկային մուտքերու շուրջ 12,2% աճ:
Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի հրապարակած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ Յունուար-Մարտ ամիսներուն խոշորագոյն ընկերութիւններուն կողմէ վճարուած գումարը նախորդ տարուայ առաջին եռամսեակի 409,3 միլիառ դրամի դիմաց աւելցած է գրեթէ 50 միլիառ դրամով: Ընդ որում, կառոյցին տրամադրած հաշուետուութեան համաձայն՝ հարկային մարմին կատարուած վճարումները կազմած են աւելի քան 380,3 միլիառ դրամ, իսկ մաքսային մարմինի ճամբով մուտքերը գերազանցած են 78,9 շիլիառ 35 միլիոն դրամը:
Խոշոր հարկատուներու ցանկի առաջատար դիրքերուն վրայ հիմնականին մէջ ընդգրկուած են ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու, հանքարդիւնաբերութեան, ծխախոտի արտադրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային ու մանրածախ առեւտուրի եւ ֆինանսադրամատնային ոլորտը ներկայացնող ընկերութիւններ։
Ցանկը, ըստ ՊԵԿ-ի հրապարակման, կը գլխաւորէ բջջային հեռախօսներու ներմուծմամբ եւ վաճառքով զբաղող «Մոբայլ Սենթր Արթ» ընկերութիւնը, որուն ընդհանուր վճարումները պետական պիւտճէ կազմած են 21,3 միլիառ դրամ: Երկրորդ տեղն է «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը՝ 19,7 միլիառ դրամ ցուցանիշով, իսկ առաջատար եռեակը կ’եզրափակէ «Զանգեզուրի պղնձամետաղագործական գործարանը»՝ պետական պիւտճէ մուտքագրելով 15,4 միլիառ դրամ:

