Համայնքային ոստիկանութեան Արթիկի բաժնին մէջ ստացուած տեղեկութիւնը Քրէական ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան գործընկերներուն հետ իրացնելով Ապրիլ 23-ին պարզուած է, որ Փոքր Մանթաշ գիւղի բնակիչ 39-ամեայ տղամարդ մը, նախնական պայմանաւորուածութեամբ, Ապրիլ 11-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կուսակցութիւններէն մէկուն կազմակերպած հաւաքին մասնակցելու համար նիւթապէս շահագրգռած է համագյուղացիներէն 12 հոգի, այդ շարքին` անչափահասներ, խոստանալով գումար: Այս գործարքը իրականացնելու հարցով 39-ամեայ տղամարդուն օժանդակած են ընտանիքին անդամները:
Դէպքին առնչուող 12 անձերէն ընդունուած են նոյնաբովանդակ հաղորդումներ, որոնք փոխանցուած են նախաքննական մարմին։
Ընտանիքի չորս անդամներուն նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 2-րդ մասի՝ հաւաքին մասնակցելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելու յատկանիշերով: 39-ամեայ տղամարդուն նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է տնային կալանքը եւ բացակայելու արգելքը, անոր մօր եւ քրոջ նկատմամբ՝ վարչական հսկողութիւնը եւ բացակայելու արգելքը, իսկ ընտանիքի անչափահաս անդամին նկատմամբ՝ դաստիարակչական հսկողութիւնը:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

