Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը։
Վարչապետը կարեւորած է կառավարութեան եւ ՍԴՀԿ-ի միջեւ ձեւաւորուած կառուցողական համագործակցութիւնը։ Համբիկ Սարաֆեան վերահաստատած է կուսակցութեան աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութեան։
Քննարկուած են կառավարութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր։


