Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ընտրուած Է COP12 Համաժողովը Եւ MOP5 Նստաշրջանը Հիւրընկալող Երկիր

Հայաստանը Ընտրուած Է COP12 Համաժողովը Եւ MOP5 Նստաշրջանը Հիւրընկալող Երկիր

by MassisPost

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Ծխախոտի դէմ պայքարի շրջանակային պայմանագրութեան կողմերու 11-րդ համաժողովի եւ Ծխախոտային արտադրանքի անօրինական առեւտուրի վերացման արձանագրութեան կողմերու հանդիպման չորրորդ նստաշրջանի ընթացքին Հայաստանը ընտրուած է որպէս կողմերու 12-րդ համաժողովը հիւրընկալող երկիր։ Հայաստանը նաեւ ընտրուած է որպէս Արձանագրութեան կողմերու հանդիպման հինգերորդ նստաշրջանը հիւրընկալող երկիր։

Պայմանագրութեան կողմերու 12-րդ համաժողովը (COP12) եւ Արձանագրութեան կողմերու հանդիպման հինգերորդ նստաշրջանը պիտի կայանայ Երեւանի մէջ 2027 թուականին։

Ծխախոտի դէմ պայքարի շրջանակային պայմանագրութիւնը Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան առաջին միջազգային իրաւական փաստաթուղթն է հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ, որու նպատակն է պաշտպանել ներկայ եւ ապագայ սերունդները ծխախոտի սպառմամբ եւ ծխախոտային արտադրանքի ազդեցութեամբ պայմանաւորուած հիւանդութիւններէն եւ մահերէն։ Պայմանագրի կողմերու համաժողովը Պայմանագրի բարձրագոյն որոշում կայացնող մարմին է, որուն նիստերը կը հրաւիրուին իւրաքանչիւր երկու տարին մէկ՝ գնահատելու կատարուած աշխատանքները, քննարկելու Պայմանագրի դրոյթներու կիրարկման յառաջընթացը եւ ընդունելու նոր որոշումներ՝ ուղղուած ծխախոտի «համաճարակի» կանխարգիլման ու վերահսկման։ Պայմանագրի համաժողովներուն լայն մասնակցութիւն կ’ունենան քաղաքացիական հասարակութեան, մասնաւորապէս՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու, բնիկ ժողովուրդներու, ակադեմական շրջանակներու, կանանց կազմակերպութիւններու, երիտասարդութեան, մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment