Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ղազախստանը՝ Ռազմավարական Գործընկերներ

Հայաստանն Ու Ղազախստանը՝ Ռազմավարական Գործընկերներ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Թոքաեւը Նոյեմբեր 21-ին Ասթանայի մէջ համատեղ յայտարարութիւն ստորագրած են, որով երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կ’անցնին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։

«Այս որոշումը պիտի ուժեղացնէ երկու երկիրներուն բարեկամութիւնը եւ պիտի բանայ բազմաբեւեռ համագործակցութեան նոր փուլ»,- ըսած է Ղազախստանի նախագահ Թոքաեւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսին։

Երկու երկիրները պայմանաւորուած են մեծցնել փոխադարձ առեւտուրի ծաւալները եւ ապրանքներու անուանացանկի ընդլայնման վերաբերեալ յստակ միջոցներ ձեռնարկել։

«Փոխադարձ ապրանքաշրջանառութիւնը մեծցնելու նպատակով Ղազախստանը պատրաստ է հայաստանեան շուկային առաջարկել ապրանքներ՝ ընդհանուր 350 միլիոն տոլարի»,- ըսած է Թոքաեւ։

Ղազախստանի նախագահը իր երկրին աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան։ Նաեւ հետաքրքրութիւն յայտնած է մասնակցելու TRIPP նախագիծին։

«Հարաւային Կովկասի մէջ նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ երկկողմ եւ միջտարածաշրջանային կապերու ընդլայնման համար։ Ղազախստանը կ’աջակցի Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան։ Մենք նաեւ կը հաստատենք TRIPP նախագիծին մասնակցելու մեր հետաքրքրուածութիւնը։ Այս ռազմավարական միջանցքներու զուգորդումը թրանսկասպեան միջազգային փոխադրութեան երթուղիի եւ Հիւսիս-հարաւ միջանցքին հետ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու շահերուն»,- ըսած է Թոքաեւ։

Ան նաեւ արձանագրած է, որ Ատրպէյճանի տարածքով Ղազախստանէն Հայաստան երկաթուղային բեռնափոխադրումները յատուկ քաղաքական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունին։

«Ղազախստանը պատրաստ է կանոնաւոր հիմունքներով Հայաստանին մատակարարելու բարձրորակ հացահատիկային արտադրանք եւ այլ ապրանքներ։ Առաջնահերթ խնդիրներէն է երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ թռիչքներու բացումը եւ օդային բեռնափոխադրումներու կազմակերպումը։ Այս ոլորտին մէջ արդէն առկայ են յստակ ծրագրեր, կողմերը մօտ ժամանակներուն պիտի անցնին անոնց իրագործման»,- ըսած է Թոքաեւ։

Ղազախստանի նախագահը նաեւ յայտնած է, որ յաջորդ տարի Ղազախստանի մէջ Alem.ai-ի կեդրոնին մէջ պիտի բացուի Հայաստանի միջազգային կրթական կեդրոնի հերթական մասնաճիւղը՝ TUMO Astana-ն։

Խօսելով Փաշինեանի մասին՝ Թոքաեւ մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանի վարչապետը միջազգային հանրութեան մէջ յայտնի է որպէս ուժեղ առաջնորդ, հեռատես քաղաքական գործիչ եւ բացառիկ պետական գործիչ»,- ըսած է Թոքաեւ։ Վերջինս Փաշինեանին շնորհած է Ղազախստանի բարձրագոյն պարգեւը՝ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment