Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող անպարկեշտ բովանդակութեամբ տեսանիւթերու հետ կապուած հարցի ուսումնասիրութեան եւ եզրակացութիւն ներկայացնելու համար ստեղծած է յանձնախումբ՝ հաշուի առնելով ներկայացուած առաջարկները: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան:
Ան նաեւ հերքած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաժարականին եւ Արշակ արքեպիսկոպոսի կագալուծութեան պահանջի մասին տեղեկատուութիւնը:
Աւելի վաղ թելեկրամեան ալիքով հրապարակուած էին խիստ անձնական բնոյթի տեսանիւթեր, կից գրառմամբ, թէ այդտեղ Մայր Աթոռի դիւանապետն է: նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

