Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քաղաքական Տարր Չկայ, Խօսքը երկու Վարոյթի Մասին Է. Ի՞նչ Ցուցմունքներ Տուած Են Վարդան Ղուկասեանի Գործով Մեղադրեալները

Քաղաքական Տարր Չկայ, Խօսքը երկու Վարոյթի Մասին Է. Ի՞նչ Ցուցմունքներ Տուած Են Վարդան Ղուկասեանի Գործով Մեղադրեալները

by MassisPost

«Վարդան Ղուկասեանի գործի հետ կապուած որեւէ քաղաքական տարր չկայ, խօսքը վերաբերում է երկու վարոյթի»:

Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով այս մասին ըսաւ ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահ Արթուր Նահապետեանը՝ նշելով, որ 2024 թուականի տարեվերջին առկայ եղած է նախաձեռնուած վարոյթ՝ գլխաւոր ճարտարապետին կողմէ կաշառքներ ստանալու վերաբերեալ, եւ այդ վարոյթով ամիսներ շարունակ իրականացուած են գաղտնի քննչական գործողութիւններ:

«Այնուհետեւ 2025 թուականի Ապրիլին Հակափտածութեան Կոմիտէում տուեալներ են ստացւում, որ համայնքի ղեկավարը մի շարք անձանցից պահանջում է գումարներ: Այդ տուեալները սկսում են մշակուել, եւ դատարան միջնորդութիւն է ներկայացւում, որ անձի նկատմամբ իրականացուեն համապատասխան հետախուզական միջոցառումներ, այդ թւում՝ ներքին դիտում:

«Այդ տուեալները մշակուել են ամիսներ շարունակ եւ վերջնական տեսք են ստացել Հոկտեմբերի 15-ին, եթէ չեմ սխալւում: Ինչո՞ւ եմ ասում աւարտական տեսք, որովհետեւ երբ պաշտօնատար անձինք ներկայացրել են կաշառք տալու առաջարկ ապօրինի շինարարութիւն իրականացրած քաղաքացուն, Հոկտեմբերի 15-ին վերջնականապէս այդ քաղաքացուց ստացել են համաձայնութիւնը, որպէսզի այդ ապօրինի գործողութիւնների դիմաց պաշտօնատար անձանց փուլային տարբերակով վճարուի ընդհանուր 4 միլիոն դրամ գումար կաշառք:

«Այս հանգամանքը հաստատելուց անմիջապէս յետոյ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ, եւ տեղի են ունեցել այս քննչական գործողութիւնները»,- ըսաւ Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահը:

Քրէական վարոյթի ծիրին մէջ հացաքննուած անձեր ինքնախոստովանական ցուցմունքներ տուած են. «ով ի՞նչ խոստովանած է» Պետրոս Ղազարեանի հարցին ի պատասխան՝ Արթուր Նահապետեան ըսաւ, որ նախաքննական շահերէն ելլելով չի կրնար ըսել, թէ ով ինչ ցուցմունք տուած է, սակայն կրնայ հաստատել, որ ունին խոստովանական շարք մը ցուցմունքներ, եւ որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած անձեր իրենց ցուցմունքներով հաստատած են այն տուեալները, որոնք ձեռք բերուած էին վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Կիւմրի համայնքի խումբ մը պաշտօնատար անձերու կողմէ մեծ չափերով կաշառք ստանալու, վերջիններուս կաշառք տալու մեղադրանքներով ի սկզբանէ ձերբակալուած էր 8 անձ, ընդ որում՝ Կիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանն ու քաղաքապետարանի գլխաւոր ճարտարապետը:

Ոստիկանական գործողութիւններուն ժամանակ բախումներ եղած էին Ղուկասեանի աջակիցներուն ու ոստիկաններուն միջեւ:

Բացի անկէ, Վարդան Ղուկասեանի համակիրները ծակած էին ոստիկանութեան ինքնաշարժներուն անիւները:

Վարդան Ղուկասեանը, Հենրիկ Գասպարեանը եւ եւս քանի մը անձ կալանաւորուած են:

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ձերբակալուած են նաեւ քաղաքապետարանի Կրթութեան բաժնի գլխաւոր մասնագէտի ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ Անահիտ Գասպարեանը, Բելլա Աւագեանը եւ առաջատար մասնագէտի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վարդուհի Փիլոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment