Home Uncategorized Վարչապետ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներու Տարեկան Աշխատաժողովին

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներու Տարեկան Աշխատաժողովին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ներկայ գտնուած են օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան աշխատաժողովի մեկնարկին:

Վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով՝ կարեւորելով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առանցքային դերն ու նշանակութիւնը։ Իր խօսքին մէջ, վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութեան:

Երկրի ղեկավարը շեշտած է, որ անոր գործնական իրագործումը տեղի ունեցած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատմամբ:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ երկրի առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։

Վարչապետի ելոյթին յաջորդած են արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերու շուրջ քննարկումներ՝ առկայ հիմնախնդիրներու եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment