Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններու բազմազանեցման կողմերէն մէկը Իրանը եղած է:
Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին:
Խօսելով կապուղիներու ապաշրջափակման մասին՝ դեսպանը նկատեց.
«Մենք հետամուտ ենք, որ այդ կապուղիներն ու ճանապարհները աւելցնենք: Հայաստանի հետ յարաբերելով անկախ քաղաքականութիւն որդեգրած ենք եւ կը կիրառենք: Այս քաղաքականութիւնը, որ մենք կը կիրառենք Հայաստանի նկատմամբ որեւիցէ այլ երկրի դէմ չէ. սա երկու երկիրներու, երկու ժողովուրդներու շահերուն կը ծառայէ:
«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ ըլլայ բնական եւ լաւ: Մենք Հայաստանի հետ մեր անկախ յարաբերութիւնները ստեղծած ենք եւ որեւէ այլ երկրի պատուհանէն չենք դիտեր այդ յարաբերութիւնները:
«Մենք կը փափաքինք բոլոր ոլորտներու մէջ մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ զարգացնել:
«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանը ապրի խաղաղ պայմաններու մէջ եւ նաեւ խաղաղ գոյակցութիւն ունենայ իր բոլոր հարեւաններուն հետ, որովհետեւ սա կը բխի մեր տարածաշրջանի անվտանգութենէն:
«Հայաստանը մեր հարեւան պետութիւններու շարքին իր յատուկ եւ ուրոյն տեղը ունի, Հայաստանը մեր ազնիւ հարեւան երկիրն է: Ինչպէս կ’ուզեն՝ կրնան մեկնաբանել, բայց սա է իրականութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեր քաղաքականութիւնը անկախ է եւ մեր երկիրներու բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը կը փափաքի. որպէսզի այս յարաբերութիւնները աւելի զարգացնենք»,- ըսաւ դեսպանը:
Ըստ Մեհտի Սոպհանիի, փոխադարձ քաղաքական ընկալում կայ, ըստ որուն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխի երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերէն եւ պէտք է այդ բարձր գնահատել:
«Ուրեմն պէտք է այստեղ ընդգծեմ, որ այո՛, մեր այս յարաբերութիւնները կրնան նաեւ ունենալ թշնամիներ, չցանկանան որպէսզի մեր յարաբերութիւնները այսպէս զարգանան: Կը փորձեն մեր դիրքորոշումներուն մէջ կասկածներ յառաջացնել եւ այդ կասկածներու հետեւանքով նաեւ փոխըմբռնում, յետոյ փոխըմբռնումը վերածել տարաձայնութիւններու: Սակայն մենք կրնանք հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու բերումով պարզաբանել այդ ամէնը եւ թոյլ չտանք որ նման թիւր ըմբռնումներ յառաջանան»,- ըսաւ ան:

