Գլխաւոր դատախազութիւնը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառոյթի շրջանակին մէջ 2025 թուականի Յունիս 23-ին կնքած է հաշտութեան համաձայնութիւն, որով «Սթոնս» ընկերութեան ղեկավար Սուրէն Աւագեանն ու անոր փոխկապակցուած անձեր պարտաւորուած են հաշտութեան համաձայնութիւնը հաստատող վճիռի օրինական ուժի մէջ մտնելէնց յետոյ՝ մէկ շաբթուայ ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցել 50 միլիոն դրամ, իսկ 37 միլիոն 622 հազար դրամը՝ յաջորդող 12 ամիսներու ընթացքին:
2025 թուականի Յունիս 26-ին Հակափտածութեան դատարանի վճիռով հաստատուած է վերոնշեալ հաշտութեան համաձայնութիւնը:
2020 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին Գլխաւոր դատախազութեան Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ սկսած էր ոսումնասիրութիւն՝ Սուրէն Պատուականի Աւագեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ:
2023 թուականի Մարտ 22-ին Գլխաւոր դատախազութեան Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան կողմէ ներկայացուած է հայցադիմում՝ Սուրէն Աւագեանին պատկանող ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջով:
2025 թուականի Յունիս 23-ին ներկայացուած են հայցի հիմքն ու առարկան փոփոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւն, համաձայն որուն՝ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձման ենթակայ է՝
75 միլիոն դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռք բերողի, կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել.
347 հազար դրամ՝ որպէս տրամադրուած փոխառութեան չվերադարձուցած մասի պահանջի իրաւունք.
19 միլիոն 985 հազար դրամ՝ որպէս ստացուած ապօրինի եկամուտներու մնացորդ:
Նոյն օրը պատասխանողները ներկայացուցած են դիմում վարոյթը հաշտութեան համաձայնութեամբ աւարտելու ցանկութեան վերաբերեալ՝ պարտաւորուելով Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցել 87 միլիոն 622 հազար դրամ:

