Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Պարզուի Որ Գարեգին Բ. Խախտած Է Կուսակրօնութեան Ուխտը Եւ Զաւակ Ունի, Ան Չի Կրնար Կաթողիկոս Ըլլալ. Փաշինեան

Եթէ Պարզուի Որ Գարեգին Բ. Խախտած Է Կուսակրօնութեան Ուխտը Եւ Զաւակ Ունի, Ան Չի Կրնար Կաթողիկոս Ըլլալ. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է, որ եթէ պարզուի՝ իրօք Գարեգին Բ. խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, ան չի կրնար ըլլալ Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ փաստի առկայութեան պահէն ան չէր կրնար կուսակրօն քահանայ ըլլալ։

«Սա արձանագրում եմ ամենայն յարգանքով բոլորի անձնական եւ ընտանեկան կեանքի գաղտնիութեան իրաւունքի նկատմամբ, բայց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը չի կարող ունենալ այսպիսի անձնական կեանք։

«Խնդիրը բարձրացնում եմ որպէս Հայ առաքելական եկեղեցու հետեւորդ, որովհետեւ տեսնում եմ հոգեւոր անվտանգութեան խնդիր, ասում եմ նաեւ որպէս ՀՀ վարչապետ, որովհետեւ տեսնում եմ պետական անվտանգութեան խնդիր։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի դիրքաւորուի այս իրավիճակի նկատմամբ, ինչից յետոյ կ’իրականացուի հարցի հետագայ պարզաբանում»,- գրած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment