Յունիս 2-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ՝ քաղաքապետարանին կից շէնքին մէջ, բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւնը։
Պատուոյ հիւպատոսը ազգութեամբ հայ Գարմէն Ափունցն է:
Հիւպատոսութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանը, Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը, Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը, Լիոն քաղաքի պատուիրակութիւնը, դիւանագէտներ եւ այլք:
Ֆրանսան Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու մասին յայտարարած էր 2023-ին արտաքին գործերու նախարարի մակարդակով։
Ֆրանսայի կողմէ Գորիսի ընտրութիւնը կապուած է քաղաքի վաղեմի մշակութային կապերուն հետ ֆրանսախօս աշխարհին հետ։
Համարուելով Հայաստանի ամենաֆրանսախօս քաղաքներէն մէկը՝ Գորիսի մէջ 2006-էն կը գործէ ֆրանսական մշակութային կեդրոն։ Կեդրոնը գործուն դեր խաղացած է տարածաշրջանին մէջ ֆրանսական լեզուի եւ մշակոյթի տարածման մէջ, այդ շարքին՝ տեղի դպրոցականներուն համար ֆրանսերէնի դասաւանդման աջակցելու մէջ։

