Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Ծրագրի Կեանքի Կոչման Գործին Մէջ Երկրի Տնտեսագիտական Համայնքը Չի Կրնար Անմասն Մնալ. Վահագն Խաչատուրեան

«Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Ծրագրի Կեանքի Կոչման Գործին Մէջ Երկրի Տնտեսագիտական Համայնքը Չի Կրնար Անմասն Մնալ. Վահագն Խաչատուրեան

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ մասնակցած է «Ներդրումներ, տարածքային զարգացում, լոկիսթիքա» խորագրով կլոր սեղան քննարկման:

Քննարկման մեկնարկին Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ծրագրային ելոյթով, անդրադառնալով հայաստանեան տնտեսական համակարգի առանձնայատկութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն եւ վերջիններուս յաղթահարման գործին մէջ ինչպէս տնտեսագիտական համալսարանին, այնպէս ալ ոլորտով զբաղող մասնագէտներու գործունէութեան դերակատարութիւնը:

Իր խօսքին մէջ, նախագահը անդրադարձ կատարած է տարածքային համաչափ զարգացման կարեւորութեան, այս առումով շեշտած է ներկայիս կառավարութեան կողմէ ենթակառուցուածքներուն մէջ իրականացուող ներդրումներուն եւ համակարգային բարեփոխումներուն կարեւորութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ յառաջ քաշուած խոշոր նախագիծերու՝ մասնաւորապէս «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրի կեանքի կոչման գործին մէջ երկրին տնտեսագիտական համայնքը չի կրնար անմասն մնալ եւ նպատակայարմար պիտի ըլլայ, որ մասնագիտական հանրոյթը հանդէս բերէ նախաձեռնողականութիւնը եւ իր ջանքերը ուղղէ ծրագրի տեսական բաղադրիչներու հետազօտութեան ու ուսումնասիրութեան փորձագիտական մակարդակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment