ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրամանագիր ստորագրած է Պարոյր Յովհաննիսեանին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակելու մասին:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի.
«Պարոյր ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻՆ նշանակել Միաւորուած ազգերի կազմակերպութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ (նստավայրը՝ Նիւ Եորք)»,- նշուած է հրամանագրին մէջ։

