Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Նախագահ Թրամփ Անհամբերութեամբ Կը Սպասէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման․ Պետական Քարտուղարութեան Ներկայացուցիչը՝ Պաքուի Մէջ

ԱՄՆ Նախագահ Թրամփ Անհամբերութեամբ Կը Սպասէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման․ Պետական Քարտուղարութեան Ներկայացուցիչը՝ Պաքուի Մէջ

by MassisPost

Կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վրայ աշխատանքի աւարտին: ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ անհամբեր կը սպասէ այս համաձայնագրի ստորագրման եւ վաւերացման գործընթացին: Պաքուի մէջ Հարաւային կազային միջանցքի խորհրդատուական խորհուրդի 11-րդ նախարարական հանդիպման այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան ուժանիւթային միջոցներու բիւրոյի աւագ խորհրդական Էրիք Ճէյքոպզ։

«Այս ամէնը պիտի նպաստէ տնտեսական զարգացման՝ ապահովելով կայունութիւն եւ խաղաղութիւն տարածաշրջանին մէջ: Կայուն խաղաղութիւնը վերջ պիտի դնէ տարածաշրջանին մէջ բռնութիւններու շրջանին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ սկիզբ պիտի դնէ անվտանգութեան ու բարգաւաճման: Մենք բարձր կը գնահատենք այն քայլերը, որոնք դուք կ’ընէք այս ճանապարհին»,- նշած է Էրիք Ճէյքոպզ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment