Հայաստանին տրամադրած ականապատ տարածքներու քարտէզներուն ճշգրտութիւնը կազմած է 25 տոկոս, Envoy ամսագրին տուած հարցազրոյցին դժգոհած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէ։
«Միջազգային ճնշումներէն յետոյ Հայաստանը տրամադրեց որոշ քարտէզներ, բայց անոնք ընդամէնը 25 տոկոսով ճշգրիտ էին: Վերջին դէպքերուն [ականներու պայթումներու] աւելի քան 55 տոկոսը տեղի ունեցած է այդ քարտէզներուն մէջ չընդգրկուած տարածքներուն մէջ»,- ըսած է Հաճիզատէ՝ նշելով, որ Հայաստանի քարտէզները ցոյց կու տան մօտ 400 հազար ականներու տեղակայման վայրերը, սակայն իրական թիւը, անոր խօսքով, մօտ 1,5 միլիոն է։
«Ականների հարցով Հայաստանի այս մօտեցումը եւս մէկ ետքայլ է յետհակամարտային ծիրէն ներս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ուղղութեամբ»,- յայտնած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը՝ նշելով, թէ Պաքուն կ’ակնկալէ, որ «Երեւանը տրամադրի բոլոր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէզները, որ պիտի ապահովէ ներքին տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը եւ տուժած շրջաններուն վերակառուցումը»։

