Պաքու հերքած է Ապրիլ 2-ին Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Ժան Նոէլ Պարոյի՝ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ելոյթի ժամանակ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի եւ ծագումով հայ անձերու դատավարութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները։
Ինչպէս կը յայտնէ «Ապա»-ն, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն։
«Եթէ Ֆրանսան իսկապէս կ’աջակցի խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրման, ինչպէս կը պնդէ, ապա պէտք է խրախուսէ Հայաստանին ձեռնարկել համապատասխան քայլեր:
Ընդհանրապէս, աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ, որ Ֆրանսան, որ կը փորձէ միջամտել այլ երկիրներու դատական գործընթացներուն, նախ հետաքննէ իր երկրին ներսը քաղաքական հետապնդումները, տարբեր միջոցառումներու ժամանակ ցուցարարներու սպանութիւնները եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ փտածութեան տարածումը:
Մենք Ֆրանսայէն կը պահանջենք դադրեցնել խաղաղութեան չնպաստող քայլերը եւ հրաժարիլ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւններէն»,- ըսած է Հաճիզատէ՝ կրկին խօսելով ՀՀ սահմանադրութեան մասին։

