Ռուսաստանը յոյսով է, որ հայ հասարակութեան կը բացատրուին ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան բոլոր օգուտները եւ Միութեան հետ խզումէն կորուստներու չափերը։ Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ ղեկավարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին։
«Պաշտօնական Երեւանի գործն է որոշելը, թէ ուր աւելի լաւ է ըլլալ: Յոյսով ենք, որ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան բոլոր օգուտները եւ ԵԱՏՄ-ի հետ խզման հետեւանքով կորուստներու մասշտաբները կը բացատրուին հայ հասարակութեան, որպէսզի հայ հասարակութիւնը ունենայ իրականութեան առարկայական պատկերացում»,- նշած է ան։
Կալուզինի խօսքով՝ անհնար է միաժամանակ ըլլալ երկու հակադիր ուղղուածութեան միաւորումներու մէջ:
Ան ընդգծած է, որ ԵԱՏՄ-ն իրաւահաւասար պետութիւններու միաւորում է, իսկ Մն կառոյց է, ուր «կը թագաւորէ մահակային կարգապահութիւնը՝ ենթարկուած հակառուսական խօսոյթներուն, որոնք յանձնարարուած են իրականութենէն կտրուած պրիւքսէլեան պետական պաշտօնեաներու կողմէ»։
Միխայիլ Կալուզինի խօսքով՝ Ռուսաստանն ու Հայաստանը բոլոր հրատապ հարցերը կը քննարկեն անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ։
«Մենք Հայաստանի հետ դաշնակիցներ եւ ռազմավարական գործընկերներ ենք, հետեւաբար մեր օրակարգի բոլոր արդիական հարցերը կը քննարկենք բաց եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ»,- ըսած է ան։

