ԱՄՆ-էն մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութեան հարցերով խումբի ժամանումը Հայաստան կը յետաձգուի։
Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան՝ նշելով, որ ձգձգումը պայմանաւորուած է ԱՄՆ-ի մէջ վարչակազմի ամբողջական փոփոխութեամբ։
«Ժամկէտային առումով, հաշուի առէք, որ փոփոխուել է ամբողջ վարչակազմը»,- նշած է ան՝ վստահեցնելով, որ պայմանաւորուածութիւնը չէ չեղարկուած։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին կանոնադրութեան ստորագրման ժամանակ ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտնած էր, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ԱՄՆ-էն մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութեան հարցերով խումբ պիտի մեկնի Հայաստան՝ աշխատելու տեղի գործընկերներուն հետ սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
Ան ընդգծած էր, որ ԱՄՆ կ’աջակցի Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը սեփական տարածքին մէջ պաշտպանելու ջանքերուն։

