Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Պիտի Ներդնէ Բոլոր Ջանքերը՝ COP17-ը Լաւագոյնս Կայացնելու Համար. Վարչապետը՝ Ասթրիտ Շումէյքըրին

Կառավարութիւնը Պիտի Ներդնէ Բոլոր Ջանքերը՝ COP17-ը Լաւագոյնս Կայացնելու Համար. Վարչապետը՝ Ասթրիտ Շումէյքըրին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պայմանագրի գործադիր քարտուղար Ասթրիտ Շումէյքերը:

Վարչապետը ողջունած է տիկին Շումէյքըրի այցը եւ նշած, որ այն հնարաւորութիւն պիտի տայ քննարկելու Հայաստանի մէջ կայացուելիք COP17 համաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքն ու յառաջիկայ ընելիքները: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է աշխոյժ համագործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ նախապատրաստական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրականացնելու նպատակով: Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ներդնէ բոլոր ջանքերը՝ միջոցառումը լաւագոյնս կայացնելու համար:

Ասթրիտ Շումէյքըրի խօսքով՝ հաշուի առնելով այն, որ միջոցառման կազմակերպման աշխատանքները կը համակարգէ վարչապետի աշխատակազմը՝ վստահութիւն կը հաղորդէ, որ այն տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով: ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պայմանագրի գործադիր քարտուղարը յաւելած է, որ միջոցառման կայացման նախաձեռնութիւնը կը վկայէ կենսաբազմազանութեան ոլորտի օրակարգը յառաջ մղելու գործով ՀՀ կառավարութեան շահագրգռուածութեան մասին:

Զրուցակիցները քննարկած են COP17-ի օրակարգին եւ յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment