ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին ողջունած է անոր յանձնառութիւնը խաղաղութեան հարցով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը` ներկայացնելով ԱՄՆ պետական քարտուղարին եւ ՀՀ վարչապետին ունեցած հեռախօսազրոյցին մանրամասնութիւնները:
«Անոնք քննարկեցին Ատրպէյճանի հետ երկկողմ բանակցութիւնները վերսկսելու քայլերը: Պետական քարտուղարը խորը մտահոգութիւն յայտնեց Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի վատթարացող մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ: Ան նաեւ վերահաստատեց ԱՄՆ յանձնառութիւնը տեւական խաղաղութեան հասնելուն միտուած ջանքերուն աջակցելու եւ ամուր ու բազմաբնոյթ երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: