Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Ընտանիքին Պատկանող Գոյքը 38 Տոկոսով Համարուած Է «Ապօրինի Ձեռք Բերուած»

Սերժ Սարգսեանի Ընտանիքին Պատկանող Գոյքը 38 Տոկոսով Համարուած Է «Ապօրինի Ձեռք Բերուած»

by MassisPost

Հակափտածութեան Դատարանին մէջ այսօր Սերժ Սարգսեանի եւ անոր դուստրերուն` Անուշ Մինասեանի եւ Սաթենիկ Սարգսեանի գործով կայացան նախնական լսումները: Հայցուոր կողմը ներկայացուց հայցին հիմքը, ըստ որուն` ապօրինի միջոցներով ձեռք բերուած գոյք դիտարկուած են եւ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձման ենթակայ են Սերժ Սարգսեանէն` «Արարատ պանք» ընկերութեան մէջ ներդրուած 107 միլիոն 998 հազար 656 դրամ աւանդի ամբողջ գումարը եւ աւանդին դիմաց 2018 թուականէն կուտակուած տոկոսները` 44 միլիոն 280 հազար 352 դրամ:

Սաթենիկ Սարգսեանէն` յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի բռնագանձուի օրէնքի իմաստով Սերժ Սարգսեանին պատկանող Երեւան քաղաքի Տէրեան փողոցին վրայ գտնուող 66 շէնքի 64 բնակարանը եւ Տէրեան փողոցի 66 շէնքի թիւ 39 հասցէով գտնուող երկու ինքնաշարժի տնակները: Հայցուորը կ’առաջարկէ Սերժ Սարգսեանէն բռնագանձել նաեւ 165 միլիոն 854 հազար 249 հազար դրամ, որպէս ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդ: 186 միլիոն 584 հազար 328 դրամ ալ, ըստ հայցի, որ չէ հիմնաւորուած օրինական եկամուտներով, հնարաւոր չէ բռնագանձել, քանի որ 2006-2021 թուականներու ընթացքին փոխանցուած է, բայց հնարաւոր չէ նոյնականացնել փոխանցողին եւ վերադարձնել:

Հայցուորը կ’առաջարկէ բռնագանձել նաեւ Ռիթա Սարգսեանի ժառանգներ համարուող Սաթենիկ եւ Անուշ Սարգսեաններէն, Ռիթա Սարգսեանի անունով «Արարատ պանք» ընկերութեան մէջ ներդրուած 95 միլիոն դրամ աւանդը եւ սոյն աւանդին տոկոսները` 30 միլիոն 435 հազար 935 դրամի չափով: Դատաւորի հարցին` ի՞նչ փաստական եւ իրաւական հիմքերով յարուցուած է հայցը, հայցուորին ներկայացուցիչը ըսաւ, որ իրաւասու մարմինը յանգած է այն համոզման, որ Սերժ Ազատի Սարգսեանը չէ ունեցած բաւարար միջոցներ` իր կողմէ թուարկուած գոյքը ձեռք բերելու համար, մասնաւորաբար, գոյքերէն մէկը հաշվառուած է Սերժ Սարգսեանի կրտսեր դստեր անուամբ, երբ ան դեռ ամուսնացած չէր, ինչ որ հիմք հանդիսացած է, որպէս գոյքի իրական շահառու դիտարկել Սերժ Ազատի Սարգսեանը: Հայցուորին ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանի գոյքը 38 տոկոսով դիտարկուած է ապօրինի ձեռք բերուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment