Ալիեւ կը շարունակէ ստել միջազգային հանրութեան՝ Լաչինի միջանցքի մէկամսեայ շրջափակման մասին: Այս մասին Թուիթըրով գրած է ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը:
«Ակնյայտ ապացոյցներ կան, որ խաղաղ բնակիչներուն կենսական նշանակութեան սննդամթերքի եւ դեղորայքի մատակարարման արգելափակումը Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կ’առաջացնէ: Մտահոգիչ է նաեւ այն փաստը, որ Ալիեւ կը փառաբանէ «խօսքի ազատութիւնը» միայն այն ժամանակ, երբ այն կ’օգտագործուի հայերու կեանքին վտանգ սպառնալու համար», նշած է Փալոնը:
Ան նշած է, որ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը եւ համաշխարհային առաջնորդները պէտք է լուրջ միջոցներու ձեռնարկեն այս մարդածին աղէտին վերջ տալու համար:
«Յառաջիկայ օրերուն 120.000 անմեղ կեանք կրնայ վտանգուիլ: Մենք չենք կրնար մեր ձեռքերը ծալած նստիլ` դիտելով, թէ ինչպէս իրական աղէտ կը հասուննայ մեր աչքերու առջեւ: Ես պիտի շարունակեմ ընել հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի ԱՄՆ օգտագործէ բոլոր հնարաւոր դիւանագիտական գործիքները` վերջ դնելու այս դաժան շրջափակման», յաւելած է գոնկրէսականը: