Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ Կը Շարունակէ Ստել Միջազգային Հանրութեան՝ Լաչինի Միջանցքի Մէկամսեայ Շրջափակման Մասին. Փալոն

Ալիեւ Կը Շարունակէ Ստել Միջազգային Հանրութեան՝ Լաչինի Միջանցքի Մէկամսեայ Շրջափակման Մասին. Փալոն

by MassisPost

Ալիեւ կը շարունակէ ստել միջազգային հանրութեան՝ Լաչինի միջանցքի մէկամսեայ շրջափակման մասին: Այս մասին Թուիթըրով գրած է ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը:

«Ակնյայտ ապացոյցներ կան, որ խաղաղ բնակիչներուն կենսական նշանակութեան սննդամթերքի եւ դեղորայքի մատակարարման արգելափակումը Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կ’առաջացնէ: Մտահոգիչ է նաեւ այն փաստը, որ Ալիեւ կը փառաբանէ «խօսքի ազատութիւնը» միայն այն ժամանակ, երբ այն կ’օգտագործուի հայերու կեանքին վտանգ սպառնալու համար», նշած է Փալոնը:

Ան նշած է, որ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը եւ համաշխարհային առաջնորդները պէտք է լուրջ միջոցներու ձեռնարկեն այս մարդածին աղէտին վերջ տալու համար:

«Յառաջիկայ օրերուն 120.000 անմեղ կեանք կրնայ վտանգուիլ: Մենք չենք կրնար մեր ձեռքերը ծալած նստիլ` դիտելով, թէ ինչպէս իրական աղէտ կը հասուննայ մեր աչքերու առջեւ: Ես պիտի շարունակեմ ընել հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի ԱՄՆ օգտագործէ բոլոր հնարաւոր դիւանագիտական գործիքները` վերջ դնելու այս դաժան շրջափակման», յաւելած է գոնկրէսականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment