Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանին` Արարատ լերան վրայ մոտուլային ռազմակայան կը կառուցէ: Այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Ծովի մակերեւոյթէն 2100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ռազմակայանը յագեցած պիտի ըլլայ գիշերային տեսանելիութեան տեսախցիկներու ժամանակակից համակարգերով եւ ինքնակառավարուող զէնքերով:
Կը նշուի, որ ռազմակայանը Թուրքիան կը կառուցէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար»: