Հոկտեմբեր 29-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, որ Երեւան ժամանած է Համաշխարհային Հայկական առաջին գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Վարչապետը ողջունած է հայազգի պատգամաւորին, կարեւոր նկատելով համահայկական օրակարգի խնդիրներու քննարկման նուիրուած գագաթնաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծմանն իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը:
Փայլան ներկայացուցած է Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայիս վիճակը, համայնքային կեանքին առնչուող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ:
Նոյն օրը, Կարօ Փայլան այցելած է նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին: