Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:
Վարչապետը բարձր գնահատած է Սեպտեմբեր 13-14-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքներու վերացման միտուած ամերիկեան կողմին ջանքերը եւ կարեւորած այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերը: Կողմերը ընդգծած են ատրպէյճանական զինուած ուժերու` ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն դուրսբերման ու զինադադարի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած ՀՀ վարչապետի, Ֆրանսայի նախագահի, Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն: Կարեւորուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան ապահովումը:
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներուն համար միջազգային մեխանիզմի ստեղծման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման վերաբերող հարցերու:
Վարչապետը իր տպաւորութիւնները կիսած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ հանդիպման վերաբերեալ:
Էնթընի Պլինքըն յայտնած է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը` յառաջիկային եւս նպաստելու բանակցային գործընթացին ու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան: