«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը Սեպտեմբեր 18-ին համաժողով պիտի գումարէ: Կուսակցութիւնը կը յայտնէ, որ համաժողովին ընթացքին կուսակցութեան վարչութիւն պիտի ընտրէ:
Հրապարակուած է վարչութեան անդամի 47 թեկնածուներուն անունները: Թեկնածուներու շարքին են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պատգամաւորներ Վահագն Ալեքսանեանը, Էտուարտ Աղաճանեանը, Ռուստամ Բաքոյեանը, Սիսակ Գաբրիէլեանը, Վիլէն Գաբրիէլեանը, Արման Եղոյեանը, Հայկ Կոնճորեանը, կուսակցութեան վարչութեան անդամ Տիգրան Աւինեանը:
Ըստ կուսակցութեան կանոնադրութեան` վարչութեան անդամները կ’ընտրուին Համաժողովին կողմէ վարկանիշային քուէարկութեամբ` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով, իսկ վարչութեան անդամի լիազօրութիւններու վաղաժամկէտ դադրեցման պարագային վարչութեան կազմը չի համալրուիր:
Վարչութիւնը, մասնաւորապէս, կ’իրականացնէ կուսակցութեան ընդհանուր ղեկավարումը, կը հաստատէ կուսակցութեան տարեկան պիւտճէն, կ’ընդունի որոշումներ կուսակցութեան գործունէութեան առնչուող այլ հարցերու վերաբերեալ: