Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԴ Նախկին Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Եւ Ընտանիքի Անդամները Կ’անցնին Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Գործով

ՍԴ Նախկին Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Եւ Ընտանիքի Անդամները Կ’անցնին Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Գործով

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ, ՍԴ դատաւոր Հրայր Թովմասեանն ու անոր փոխկապակցուած անձեր` կինը` Լամարա Խուտաւերտեանը, դուստրերը` Մէրի եւ Գոհար  Թովմասեանները, ինչպէս նաեւ սոյն գործով այլ անձեր` քենին` Սոնա Խուտաւերտեանը, ու անոր ամուսինը` Ռուսիա բնակող գործարար  Ռուբիկ Ղազարեանը,  հրաւիրուած են ՀՀ Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն: Յիշեալ անձեր Դատախազութեան վերոյիշեալ վարչութիւն պէտք է ներկայանան Սեպտեմբեր 7-ին:

Յիշեցնենք, որ ՍԴ դատաւոր Հրայր Թովմասեանի դէմ յեղափոխութենէն յետոյ քրէական գործեր յարուցուեցան: Ըստ 2019-ին յարուցուած քրէական գործի մեղադրական եզրակացութեան` Հրայր Թովմասեանը  կը մեղադրուի անով, որան 2010 թուականի Դեկտեմբեր 17-էն մինչեւ 2014 թուականի Ապրիլ 3 ինկած ժամանակահատուածին զբաղեցնելով ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը եւ օժտուած ըլլալով կազմակերպական-տնօրինչական, կարգադրիչ լիազօրութիւններով, շահադիտական եւ անձնական այլ շահագրգռուածութենէն ելլելով պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով, նոյն նախարարութեան խումբ մը պաշտօնատար անձերու հետ յանցակցութեամբ խոչընդոտած է նոտարներու կողմէ իրենց գործունէութեան վայրի` Երեւան քաղաքի Բաղրամեան պողոտայի 1-ին փակուղիի 14-րդ շէնքի 162-րդ հասցէին գտնուող տարածքին նկատմամբ անհատոյց օգտագործման իրաւունքը իրացնելու գործընթացին, որով էական վնաս պատճառուած է ՀՀ Արդարադատութեան Նախարարութեան, նոտարներու իրաւունքներուն ու օրինական շահերուն, ինչպէս նաեւ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է գոյքային վնասի տեսքով ծանր հետեւանքներ: Բացի անկէ, Հրայր Թովմասեանը, նոյն շահագրգռուածութեամբ, պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով, նոյն նախարարութեան խումբ մը պաշտօնատար անձերու հետ համակցութեամբ հարկադրուած է ՀՀ Նոտարական պալատի նախագահին` պալատին համար ակնյայտ ոչ-ձեռնտու պայմաններով վարձակալել փաստացի իրեն պատկանող, Երեւան քաղաքի Ալեք Մանուկեան 8/1 շէնքի 1-ին յարկը գտնուող անշարժ գոյքը, որով էական վնաս պատճառուած է ՀՀ Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ ՀՀ Նոտարական պալատի օրինական շահերուն, ինչպէս նաեւ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է գոյքային վնասի տեսքով ծանր հետեւանքներ:

Այս գործով միւս ամբաստանեալը ՀՀ Արդարադատութեան Նախարարութեան օրինականութեան վերահսկողութեան տեսչութեան նախկին պետն է, ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի սանիկ Նորայր Փանոսեանը: Վերջինիս առաջադրուած  մեղադրանքը եւս այս դրուագներուն վերաբերեալ է:

Նշենք, որ Fip.am-ի կողմէ Կադաստրի Կոմիտէէն ձեռք բերուած փաստաթուղթերուն համաձայն` խնդրոյ առարկայ  տարածքը  2009-էն կը պատկանի  Թովմասեանի կնոջ` Լամարա Սամատի Խուտաւերտեանի քրոջ` Սոնա  Խուտաւերտեանին, եւ վերջինիս ամուսնուն` Ռուբիկ  Ղազարեանին:

Վերջիններս, ըստ Հրայր Թովմասեանի, 1980-ականներէն Հայաստան չեն բնակիր: Անոնք արձանագրուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Ալթայի երկրամասի Պարնաուլ քաղաքին մէջ:

Յատկանշական է, որ տարածքի առքուվաճառքի ժամանակ որպէս վաճառող լիազօրուած անձ հանդէս եկած է նոյնինքն Հրայր Թովմասեանը:

Իսկ վաճառողը 131 քմ տարածքը Թովմասեանի բարեկամներուն վաճառած է ընդամէնը 3 միլիոն դրամով (մօտ 8 հազար տոլար): Այդ տարածքը 2012-2014 թուականներուն վարձակալած է «Նոտարական պալատը», որ կը վերահսկուի Արդարադատութեան Նախարարութեան կողմէ: Պալատը 3 միլիոն դրամով ձեռք բերուած տարածքի վարձակալութեան համար ամսական վճարած է 300.000 դրամ, այնինչ այն 2016-ի Օգոստոսէն վարձակալութեան յանձնուած է ամսական ընդամէնը 85.000 դրամով:

Այսինքն` Հրայր Թովմասեանի` արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած տարիներուն Նոտարական պալատը Հ. Թովմասեանի քենեկալէն այդ տարածքը վարձակալած է շուկայական արժէքէն մօտ 3.5 անգամ թանկ:

Նշենք, որ սոյն քրէական գործով  դատական վերջին նիստը նշանակուած էր Սեպտեմբեր 1-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment