Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այս Գործելաոճը Չի Կրնար Նպաստել Սահմանային Իրավիճակի Իրական Կայունացման. ՀՀ ՊՆ-ն` Ատրպէյճանի Կողմէ Տարածուող Ապատեղեկատուութիւններուն Մասին

Այս Գործելաոճը Չի Կրնար Նպաստել Սահմանային Իրավիճակի Իրական Կայունացման. ՀՀ ՊՆ-ն` Ատրպէյճանի Կողմէ Տարածուող Ապատեղեկատուութիւններուն Մասին

by MassisPost

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած է՝ պնդելով, թէ իբր ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները Սեպտեմբեր 5-ին կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, ուր կ’ընդգծուի, որ այս գործելաոճը, որուն հիմքին հայկական կողմին` յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու փորձերուն վերաբերեալ բացարձակ կեղծ տեղեկութիւններու տարածումն է, ոչ մէկ կերպ չի կրնար նպաստել սահմանային իրավիճակի իրական կայունացման:

«ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: Աւելին` ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակոցէն նախօրէին մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինուոր, կրտսեր սերժանտ Արման Գագիկի Սարգսեանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment