Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր դէմ 2016 թուականին ծրագրուած եւ չիրագործուած մահափորձի ծրագրին վերբաբերեալ հարցադրումներ ուղղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան:
Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ուղղած է հետեւեալ հարցերը.
«- Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովին մէջ իմ դէմ մահափորձի վերաբերեալ հետաքննութիւն սկսա՞ծ էք:
– Քանի՞ անգամ, ի՞նչ ամսաթիւերու եւ որքա՞ն ժամանակ Մեհմետ Սինան Ինճեն 2010 թուականէն ի վեր եղած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովին մէջ:
– Ո՞ր պատգամաւորները ապահոված են Մեհմետ Սինան Ինճէի մուտքը Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողով:
– Եթէ Մեհմետ Սինան Ինճէի` Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողով մուտք գործելու համար գրանցում չէ կատարուած, ո՞վ կամ ովքե՞ր հիւրընկալած են անձը Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովին մէջ:
– Ինչ կը վերաբերի Մեհմետ Սինան Ինճէի սպանութեան ծրագրին, «գործը խորհրդականէն շուռ եկաւ» արտայայտութեան մէջ յիշատակուող պատգամաւորի խորհրդականը ո՞վ է:
– Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովին մէջ իմ դէմ ծրագրուած եւ բացայայտուած սպանութեան շրջանակին մէջ հետաքննա՞ծ էք, թէ տուեալ անձը որմէ ձեռք բերած է զէնքը:
– Հասա՞ծ էք տեսախցիկի այն տեսարաններուն, որ Մեհմետ Սինան Ինճէն կ՛ըսէր. «Քալելու ժամանակ մեր աչքին առջեւ առած ենք»:
Կարօ Փայլան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էր Անգարայի Գլխաւոր դատախազութիւն:
Հաղորդումը կապուած է փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէի պնդման հետ, ըստ որուն՝ 2016 թուականին Փայլանի դեմ սպանութեան ծրագիր մշակուած էր:
Փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէն Ինսթակրամի իր էջով կատարուած գրառումներու մէջ նշած էր, որ պէտք է զէնք տարուէր Թուրքիոյ խորհրդարան եւ սպաննել Կարօ Փայլանը: