Մինչ Կարսի բնակիչները կը սպասեն «Տողուքափը» սահմանային անցկակէտի բացման, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին ականազերծման աշխատանքներ սկսած են: Այս մասին հրապարակում կատարած է թրքական «GazeteKars» լրատուական կայքը, կը տեղեկացնէ Ermenihaber.am-ը:
Աղբիւրին համաձայն` իսրայէլեան ընկերութիւն մը հայ-թրքական սահմանային գօտիին մէջ կ’իրականացնէ ականազերծման աշխատանքներ: Կը նշուի, որ Կարսի Աքյաքա շրջանի Իպիշ գիւղի տարածքին արդէն 20 օր է, ինչ կ’ընթանան ականազերծման աշխատանքները:
«Օրակարգ եկած է մայրուղիներու եւ երկաթուղային ճանապարհներ ունեցող «Տողուքափը» եւ միայն ինքնաշարժի ճանապարհ ունեցող «Ալիջան» սահմանային անցակէտերու բացումը», կը գրէ «GazeteKars»-ը:
Նաեւ կը նշուի, որ վերոնշեալին մասին պաշտօնական աղբիւրներէն առայժմ տեղեկատուութիւն չկայ: