Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Դրականօրէն Պիտի Անդրադառնայ Ամբողջ Տարածաշրջանին Վրայ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Դրականօրէն Պիտի Անդրադառնայ Ամբողջ Տարածաշրջանին Վրայ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը աջակցութիւն յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը պատասխանած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հեռախօսազրոյցին եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած երկխօսութեան վերաբերեալ «Ամերիկայի Ձայն»-ի հարցին:

«Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ’աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, որը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծցնելու տարածաշրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, որ շահաւէտ է բոլորին համար», ըսուած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան արձագանգին մէջ:

Պետական Քարտուղարութիւնը ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը յատկապէս կարեւոր է այսօր` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Պետական Քարտուղարութիւնը յաւելած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է աջակցելու այս կարեւոր երկխօսութեան այնպէս, ինչպէս երկու կողմերը կը համարեն պատշաճ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment