Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր` «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու հրաւիրած արտահերթ նիստը չմեկնարկեց քուորումի բացակայութեան պատճառով:
Օրակարգին մէջ մէկ հարց էր` հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու առնչութեամբ Ազգային Ժողովի յայտարարութեան նախագիծը:
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ալ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Դիմադրութիւն» շարժումը հանրահաւաք կատարեց: ԱԺ ընդդիմադիր փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը յայտնեց, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները կը վերադառնան հրապարակ, ապա կ’որոշեն հետագայ ընելիքը:
Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը աւելի առաջ տեղեկացուցած էր, որ պիտի չմասնակցին ընդդիմութեան նախաձեռնած նիստին: ԱԺ ընդդիմադիր փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ըսած էր, որ Յունիս 3-ը ջրբաժան պիտի ըլլայ: